News
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Կաթողիկոսարանէն ներս գործող Հայագիտական Կեդրոնը Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով անուանուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անունով՝
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»։
Շուրջ երեսուն տարիներ առաջ, Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան առաջին տարիներէն սկսեալ, համեստ պայմաններու մէջ նախ որպէս արեւմտահայերէնի զարգացման նուիրուած դասընթացքներով սկսած յիշեալ նախաձեռնութիւնը հանգրուանային կերպով կազմակերպուեցաւ ու ծաւալեցաւ՝ Նորին Սրբութեան անմիջական քաջալերանքով ու հսկողութեամբ: Այսօր, Հիմնարկը առաւել ծաւալ ու որակ ստանալու լայն կարելիութիւններով օժտուած է: Ան կը գործէ Կաթողիկոսարանի անմիջականօրէն առնչուած Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ:
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»ը շուտով պիտի նախաձեռնէ նոր ծրագիրներու մշակման՝ վարչական, հրատարակչական, ուսուցչական, ուսանողական եւ այլ մարզերէ ներս: Ան պիտի ունենայ նաեւ առցանց դասապահեր ու պիտի կազմակերպէ գիտաժողովներ ու համագումարներ, ինչպէս նաեւ պիտի քննէ Հայաստանի եւ արեւմտեան հայագիտական կեդրոններու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները: Թելադրելի է, որ մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, մտաւորականները եւ հայագիտական նիւթերու նկատմամբ լուրջ հետաքրքրութիւն ունեցող անձեր օգտուին յիշեալ հիմնարկի ընձեռած կարելիութիւններէն:
Հիմնարկի յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.- Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Տիկին Սեդա Խտըշեան եւ Տիար Շահան Գանտահարեան:
Կարելի է «Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»ի դասընթացքներուն ու ձեռնարկներուն մասնակցիլ, կապ պահելով Հիմնարկի տնօրէն Տիար Ահարոն Շխրտըմեանի հետ (aharonshekerdemian@gmail.com)։