
News
ԶՐՈՅՑ ՄԸ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Անցեալ շաբաթ, Ամերիկայի տարբեր նահանգներէ եւ զանազան երկիրներէ ժամանած 700 հայորդիներու հետ մասնակցեցայ Հայկական Ժառանգութեան նաւապտոյտին, կազմակերպուած՝ Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան կողմէ, վայելելով աղօթքի, մարմնակրթանքի, զանազան խաղերու, համերգներու, հայկական շարժանկարի ճոխ յայտագիրներ։
Շաբթուան ընթացքին, MSC ընկերութեան պատկանող շուրջ 6500 զբօսաշրջիկներով եւ 2500 պաշտօնեաներով բեռնաւորուած շարժուն քաղաքի մը տպաւորութիւնը ձգող հսկայական նաւը, ովկիանոսին վրայ երբեմն շուրջ 38 ժամ սուրալէ ետք, յաջորդաբար կանգ առաւ Դոմինիկեան հանրապետութեան, Փորթօ Ռիքոյի եւ Պահամասի նաւահանգիստները։
Այս հաճելի շրջապտոյտէն կ՛ուզեմ առանձնացնել պարզ, սակայն խորիմաստ փոքրիկ դէպք մը, եւ զայն բաժնեկցիլ ձեր հետ։ Փորթօ Ռիքոյի մայրաքաղաք Սան Խուանի նաւահանգիստը կարճ պտոյտէ մը ետք, երբ վերադարձայ նաւ, գրասենեկային աշխատանքներուս սկսայ 18րդ յարկի ծովահայեաց մէկ անկիւնը, ուր նաեւ կրնայի օգտուիլ թարմ սուրճէ եւ ճոխ պտուղներէ։ Աշխատանքիս ընթացքին, նկատեցի գետինը մաքրող երիտասարդ, ժպտադէմ սեւ օրիորդ մը, որ նշմարելով եկեղեցականի օձիքս, հարցուց, եթէ հոգեւոր հովիւ մըն եմ։ Պատասխանս դրական էր, եւ այդ ձեւով սկսաւ մեր խօսակցութիւնը։ Երբ իմացայ, որ անունը Պրիսկիլա էր, յայտնեցի, թէ առաջին դարու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցող սրբուհիի մը գեղեցիկ անունը կր կրէր։
Շարունակելով մեր երկխօսութիւնը, ըսի, «Գործը որ կը կատարես, որքան ալ համեստ կը թուի, սակայն կարեւոր է, որովհետեւ նաւը միշտ մաքուր կը պահես»։ Ապա աւելցուցի. «Այս խոնարհ աշխատանքովդ, խորքին մէջ, կը ցոլացնես Աստուծոյ բարութեան մէկ դրսեւորումը, որովհետեւ, երբ կը մաքրես նաւուն չորս կողմը, զորս ուրիշիներ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կ՛աղտոտեն, կը ցոլացնես մանրանկարը Աստուծոյ մեր մեղքերը սրբելու անհուն շնորհքին»։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն եւ մաղթեցի որ ապագային երբ իր երազները իրականացնէ, միշտ մնայ մաքուր՝ սրտով ու հոգիով։
Երբ կը պատրաստուէր հեռանալու, աչքերուն մէջ նկատեցի արցունքի կաթիլներ, որոնք ծիրանի գօտիի նման կը ցոլացնէին անոր ներաշխարհի ուրախութիւնը։
Այո, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քրիստոնէութիւնը կրօնի մը հասկացողութիւնը չէ, այլ սիրով առլցուն երկնաւոր Հօր նախախնամութեանբ կեանքի կոչուած փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի յարաբերութիւն է։ Աւելին՝ ցկեանս ճամբորդութիւն է նմանելու Անոր որ Ինքզինք յայտնեց Իր Միածին Որդիով եւ կը գործէ Սուրբ Հոգիով։