2020 Christmas Reception
2020 Prelate’s Christmas Reception
Օրնեալ է Յայտնութիւնը ՔրիստոսիChrist was born and made manifest
Blessed is the manifestation of Christ
The Eastern Prelacy hosted its annual Prelate’s Christmas Reception and Blessing of the Home service on the evening of Monday, January 6 in the Vahakn and Hasmig Hovnanian Hall at the Prelacy offices in New York.
The evening was truly splendid. The Prelacy halls were packed to the brim with the warm hearts of supporters of the Eastern Prelacy, ready for another year of faith and parish activity. The reception opened with an annual tradition: the Home Blessing ceremony offered by Rev. Fr. Mesrob Lakissian, Pastor of St. Illuminator’s Cathedral. During this ceremony, the officiating Priest blesses bread, water, and salt—all considered to be essential to life in our Church customs.
Following the service, Archbishop Anoushavan greeted the guests, discussing his ambitions and hopes for the start of a new decade, thanking various guests for their contributions and devotion to the Prelacy and respective parishes., while also introducing the newly appointed advisor to the representative of the Permanent Mission of Armenian to the UN, Mr. Albert Gevorgyan.
To conclude the program, Anahit Indzighulyan, a young, rising vocalist performed a short set of touching songs for the attentive attendees. Her performances of “Ave Maria,” “Qele Qele – Gomidas,” and her final song “Kridos Dznav yev Haydnetsav” resolved beautifully in unison with a gradual crescendo of all the guests voices filling the room alongside Ms. Indzighulyan and piano accompanist Vagharshak Ohanyan.
—
Երկուշաբթի, 6 Յունուարի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Վահագն եւ Յասմիկ Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան՝ Առաջնորդի աւանդական ընդունելութիւնը եւ Տնօրհնէքը։
Սրահին ջերմ մթնոլորտը աւելի եւս շէնցուցած էին բազմաթիւ հիւրերը, որոնք եկած էին յայտնելու իրենց խնդակցութիւնը՝ տօնական օրերու առիթով, եւ իրենց զօրակցութիւնը Առաջնորդարանի աշխատանքներուն։ Ընդունելութիւնը սկիզբ առաւ Տնօրհնէքի արարողութեամբ, զոր մատուցեց Նիւ Եորք Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան։
Արարողութենէն ետք, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ողջունեց ներկաները եւ խօսեցաւ այս նոր տարուան առնչութեամբ իր ունեցած ակնկալութիւններուն ու յոյսերուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կարգ մը հիւրերու՝ Առաջնորդարանին եւ իրենց ծուխերուն հանդէպ ցուցաբերած աջակցութեան եւ նուիրումին համար։ Միաժամանակ, ան ներկայացուց տիար Ալբերտ Գէորգեանը, որ վերջին օրերուն ժամանած է Նիւ Եորք իբրեւ նոր նշանակուած խորհրդական ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան։
Յայտագրի աւարտին, խոստմնալից երգչուհի Անահիտ Ինճիկիւլեան իր գեղեցիկ ձայնով հիացուց ներկաները, մեկնաբանելով «Աւէ Մարիա», «Քելէ-քելէ» եւ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» երգերը, որոնցմէ վերջինին մէջ անոր իր ձայնով ընկերացաւ երգիչ Վաղարշակ Օհանեան, որ միաժամանակ դաշնակով կ՚ընկերանար երգեցողութեան։
Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի սեղանօրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւնը։