ARMENIAN NATIONAL EDUCATION COMMITTEE

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC) Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան համատեղ ծրագիր մըն է, զոր յառաջ կը տանի վարիչ մը՝ Խորհուրդի անդամներուն հսկողութեան եւ Առաջնորդ Սրբազանի նախագահութեան տակ։ Ուսումնական Խորհուրդը ուղղութիւն,համակարգում եւ օժանդակութիւն կը մատուցէ Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ գտնուող շաբաթօրեայ եւ ամէնօրեայ հայկական դպրոցներուն։ Անոր առաքելութեան կարեւոր մէկ բաժինը աղբիւրներու հայթայթումն է դպրոցներու համար։ Օրինակ՝ «Հայաստանի պատմական ատլաս»ը եւ երկհատոր «Արդի արեւմտահայերէնի դասընթացք»ը արժէքաւոր ուսումնական գործիքներ դարձած են։ Միւս կողմէ, ան դասախօսութիւններ, չափահասներու դասընթացքներ, պատանեկան ամառնային դասեր եւ ուսուցչական սեմինարներ կը կազմակերպէ։ «Սիամանթօ» լսարանըլաւագոյն օրինակներէն է Ուսումնական Խորհուրդի առաքելութեան՝ հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան իմացութիւնը վառ պահելու Միացեալ Նահանգներու մէջ։
 

The Armenian National Education Committee (ANEC) is a joint project with the Armenian Relief Society of the Eastern USA, and is administered by an Executive Director under the guidance of the committee members and the presidency of the prelate. ANEC provides guidance, coordination, and assistance to the Saturday Armenian Schools and day schools within the jurisdiction of the Prelacy. An important part of ANEC's mission is providing resource materials that can be used by the language schools. For instance, the " Historical Atlas of Armenia " and the two-volume " Course in Modern Western Armenian " have become valuable teaching tools. In addition, ANEC organizes lectures, language courses for adults, summer studies for teens, and seminars for teachers.

Among its many successful projects, certainly the Siamanto Academy, for young adults, stands as a prime example of ANEC's mission of maintaining the Armenian language and history in the United States.