“Ազգապատում”ի Անձնանուններու եւ Տեղանուններու Ցանկ, Տիրայր Ծ․ Վրդ․ Տէրվիշեան (լաթակազմ)
$35.00
In stock
«Ազգապատում»ը կը բաղկանայ երեք հատորներէ եւ իւրաքանչիւր հատոր երեք գիրքերէ։ Ա. հատորը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան քարոզութենէն մինչեւ 1221 թուականը. Բ. հատորը նոյն թուականէն սկսեալ մինչեւ 1808, իսկ Գ. հատորը՝ մինչեւ 1909 թուականը։ Իր յառաջաբանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գրած է.
«ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄը գլուխ գործոցն է Օրմանեանի բանասիրական վաստակին։ Իր խորքով ու ծաւալով, իր գիտական մօտեցումով ու քննական վերլուծումով ան կը բացառուի հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին ցարդ գոյութիւն ունեցող աշխատասիրութիւններէն։ Բազմատաղանդ հեղինակը իր բանասիրական պրպտումները կատարած է բարձրագոյն աստիճանի բծախնդրութեամբ՝ դիմելով սկզբնական աղբիւրներու։ (…) Հակառակ իր թերութիւններուն եւ սրբագրութեան կարօտ կարգ մը բաժիններուն, ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄը կը շարունակէ պահել իր կարեւորութիւնը ու այժմէականութիւնը։ Ցարդ մեր եկեղեցւոյ համապարփակ կեանքը ու առաքելութիւնը մեր ազգի շրջագծէն ներս ներկայացնող ո՛չ մէկ գործ, հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած, գոյութիւն ունի»։
| Weight | 2.14 lbs |
|---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.
