Արցախեան Օրագիր. Կանաչ ու Սեւ, Թաթուլ Յակոբեան (թղթակազմ)

$25.00

In stock

SKU: HTA2007-002 Category:
Description

«Երբեք չյայտարարուած ու չվերջացած այս պատերազմը տասնեակ հազարաւոր հայոց ու ատրպէյճանցիներու կեանքը տակնուվրայ ըրաւ։ Երկու դրացի ժողովուրդները, անոնց ղեկավարները արիւնահեղութենէն, զանգուածային տեղահանումներէն, բնակավայրերու աւերումէն չյաջողեցան խուսափիլ։ Այսօր ալ՝ ռազմական գործողութիւնները վերջանալէն աւելի քան 16 տարի յետոյ, հայերն ու ատրպէյճանցիները իրարու լեզուները չեն հասկնար» (2010ին տպուած երկրորդ հրատարակութեան առաջին գլուխէն)։

Այս հատորին արեմտահայերէն տարբերակը, լոյս տեսած՝ 2010-ին, իր կարեւորութիւնը չէ կորսնցուցած իբրեւ առարկայական ժամանակագրութիւն, իրադարձութիւններու արձանագրութիւն եւ փաստաթուղթերու հաւաքածոյ արցախեան հակամարտութեան նախընթացներուն, ծագման եւ զարգացման՝ առաջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին։ Յիշեցում մըն է, թէ ինչպէ՛ս «ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ» վիճակը երբեք նպաստաւոր լուծման չյանգեցաւ, եւ թէ ինչպէս 1991-1994-ի հայկական յաղթանակը պիտի դառնար պարտութիւն, բռնի տեղահանութիւն եւ կորուստ երեք տասնամեակ ետք։

Additional information
Weight 1.57 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.