Հեղինակը՝ Մեսրոպ Հայունի (Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թօփալեան), Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի ճիւղի լաւագոյն բանասէրներէն՝ Հ. Ներսէս Վրդ. Ակինեանին նուիրուած այս աշխատութեան յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ.
«Համոզուած եմ, որ անկարելի է Հ. Ներսէս Վրդ. Ակինեանը՝ ազգային ու միջազգային առումով ֆէնոմէն-երեւոյթը ամփոփել մէկ հատորին մէջ։
Կենսագրական չէ այս աշխատութիւնս։ Պարզապէս դիւանային, պատմաքննական եւ աղբիւրագիտական շատ համեստ փորձ է Հ. Ակինեանը դեռ աւելի լաւ ճանչնալու եւ դեռ աւելի լաւ ճանչնալ տալու»։