Դանիէլ Վարուժանի, Սիպիլի, Իգնա Սարըասլանի բանաստեղծութիւնները Հայ ուսանողներու մտերմութեան մէջ, Ռոպէր Հատտէճեան (թղթակազմ)
$15.00
In stock
Պոլսահայ բեղմնաւոր գրագէտ եւ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի սոյն հատորը կը ներկայացնէ երեք տարբեր շրջաններու դէմքերու՝ Սիպիլ (1864-1934), Դանիէլ Վարուժանի (1885-1915) եւ ժամանակակից պոլսահայ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի (ծն. 1945) վերլուծումը։ Ինչպէս կը գրէ հեղինակը իր յառաջաբանին մէջ.
«Բայց անոնց ուղղութիւնը մէկ է. հարստացնել հայոց բանաստեղծութեան աշխարհը։ Թարգման հանդիսանալ հայ ժողովուրդին յուզումներուն։ Մանաւանդ՝ ճոխացնել ու ապրեցնել հայոց լեզուն։ Անոնք ի գործ դրին բանաստեղծութիւն գրելու իրենց տաղանդը։ Հիմա կարգը մերն է. պէտք է իւրացնենք բանաստեղծութիւն կարդալու արուեստը։ Պիտի տեսնենք որ այդքան ալ դժուար չէ։ Միայն թէ կը բաւէ որ սիրենք բանաստեղծութիւնը եւ փափաքինք լրիւ հասկնալ՝ թէ ի՞նչ կ՚ըսէ բանաստեղծը»։
Weight | 0.55 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.