Երկարատեւ պրպտումներու արդիւնք այս հատորը կը բովանդակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի եւ Պետրոս Արք. Սարաճեանի (ապա՝ Կաթողիկոս) թղթակցութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ նամակներ ու կոնդակներ՝ թիւով 350։
Այս հատորը ձեւով մը շարունակութիւնը կը հանդիսանայ Գրիգոր Շահինեանի խմբագրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հրատարակած երկու հատորներուն, որոնք կը պարունակեն Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսներու (1999) եւ Կիլիկիոյ երեք Կաթողիկոսներու եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա.ի (2002) թղթակցութիւնները։
Այս ծաւալուն հատորի նամակները մեծաւ մասամբ քաղուած են Կիպրոսի թեմի արխիւներէն, մասամբ ալ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի եւ Բերիոյ թեմի արխիւներէն։ «Ան Կիլիկիոյ տխուր դէպքերու, կաթողիկոսարանի տարագրութեան եւ վերակազմաւորման եւ Կիպրոսի ու շրջանի հետ առնչուած կարեւոր անցուդարձերու վերաբերեալ հարուստ ու անմիջական վկայարան մըն է, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի տարագրութեան, Սփիւռքի կազմաւորման սկզբնաղբիւր մը», կը գրէ խմբագիրը՝ Վարուժան Արք. Հերկելեան։