Մեծանուն վիպասանին այս հատորը, որ պատմական արժէքաւոր ակնարկ մը կը ներկայացնէ Արցախի հինգ մելիքութիւններու (արաբ. խամսա «հինգ») շրջանին (17րդ-19րդ դարեր) մասին, առաջին անգամ տպուած է 1882ին։ Երկրորդ անգամ վերահրատարակուած է, յետ մահու, 1906ին։
Րաֆֆիի «Խամսայի մելիքութիւնները»ի ներկայ հրատարակութիւնը արեւմտահայերէնի վերածած, ամփոփած ու խմբագրած է՝ Կարին Զոհրապեան։ Պահուած է հեղինակին ոճը եւ գրելաձեւը, ինչպէս եւ գործին կառոյցը։