Այս հատորը կ՚ընդգրկէ մեր ժամանակակից բանաստեղծութեան կարեւոր դէմքերէն՝ նորոգ հանգուցեալ (11 Յունուար, 2022) Ռազմիկ Դաւոյեանի մինչեւ 1980ական թուականներուն գրած բանաստեղծութիւններուն եւ վիպերգերուն ընտիր շարք մը։ Ինչպէս գրած է վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեան իր յառաջաբանին մէջ, «ըլլա՛յ բանաստեղծութիւններուն թէ պոէմներու պարագային՝ Բառը կը շնչէ, կը խլրտի, կ՚ապրի.- կը… պայթի Դաւոյեան բանաստեղծի ուժական կնիքով, որ կը սնի անցեալէն եւ, ճառագայթելով Ներկային մէջ, կը նուաճէ ապագան»։
|