Կեանքը Արժէքներով Իմաստաւորել, Արամ Ա․ Կաթողիկոս (լաթակազմ)
$15.00
In stock
Վեհափառ Հայրապետին սոյն հատորը, որ կը պարունակէ 2004-2009 ժամանակաշրջանին վերաբերեալ պատգամներէն ու գրութիւններէն փունջ մը, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր բովանդակութիւնը անմիջականօրէն առնչուած է մետ կեանքի տուեալ շրջագծին ու պահուն, այդուհանդերձ ընդհանրական բնոյթ ունի եւ կը շարունակէ այժմէական մնալ։
Հատորը բաժնուած է ութը մասերու. «Դէպի աստուածակեդրոն կեանք», «Ի խնդիր հոգեւոր արժէքներու կենսագործման», «Ծառայութիւն՝ հաւատքի ու սիրոյ ճանապարհ», «Պահանջատիրութենէ՝ հատուցում», «Կառչիլ արժէքներուն», «Մարդակերտում՝ ողնասիւնը հայ կեանքին», «Հայ կեանքը լուսարձակի տակ» եւ «Հայ կեանքը դիմագրաւող մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ»։
Ինչպէս կը գրէ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր յառաջաբանին մէջ, «մեր ազգին, եկեեեցւոյ ու հայրենիքին դիմագրաւած վերիվայրումներուն, անորոշութիւններուն ու հարցականներուն դիմաց, ներկայ հատորին պատգամն է ու միաժամանակ մարտահրաւէրը՝ կառչիլ սկզբունքներուն, ո՛չ անձերուն, ճշմարտութեան՝ ո՛չ կեղծին, միջուկի՛ն՝ ո՛չ կեղեւին, խորքի՜ն՝ ո՛չ պղպջակին, ցորենին՝ ո՛չ որոմին, մնայունի՛ն՝ ո՛չ գնայունին, այլ խօսքով՝ արժէքին»։
Weight | 2.17 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.