Կիրքով Ըսելու՝ Ինչո՞ւ Հոս Եմ, Թենի Արլէն (թղթակազմ)

$15.00

In stock

SKU: ATA2007-003 Categories: ,
Description

Ամերիկահայ վաղամեռիկ բանաստեղծուհի Թենի Արլէն (1991-2015) 20 տարեկանին սկսած է սորվիլ հայերէն՝ UCLA յաճախելու միջոցին։ Յետմահու կազմուած սոյն հատորը կ՚ընդգրկէ 2012-2013ին գրած բանաստեղծութիւններուն ամբողջութիւնը, որոնց մասին անոր ուսուցիչը՝ UCLAի արեւմտահայերէնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեան, կը բացատրէ վերջաբանին մէջ.

«Այստեղ հրատարակուած քերթուածներէն գրեթէ բոլորն ալ գրուած են հայերէնի ուսումնառութիւնը սկսելէն 15-20 ամիս ետք, ինչ որ անշուշտ ենթադրած է ժամանակի նշանակալից ներդրում եւ լուրջ կեդրոնացում լեզուի իւրացման եւ բառապաշարի նրբութիւններու վրայ։ (…) Բացառիկ այդ ճիգի գլխաւոր շարժառիթը սիրահարութիւնն էր լեզուին եւ գրականութեան, ինչպէս պատահած է ու կը պատահի գրեթէ բոլոր գրողներուն։ Լեզուին տակաւին չտիրապետած կը սկսին կազմուիլ անոր հանդէպ “սիրոյ կապանքները”, որոնց արմատները պէտք է փնտռել Թենի Արլէնի կանուխ, այլ տքնաջան ընթերցումներուն՝ գլխաւորաբար Նարեկացիի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Պըլտեանի, Սարաֆեանի եւ Վահէ Օշականի գործերուն ներշնչած հիացմունքին մէջ»։

Additional information
Weight 0.29 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.