Հայեացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, Թաթուլ Յակոբեան (թղթակազմ)
$25.00
In stock
Հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան աղբիւրներու մանրակրկիտ հետազօտութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կարդացուող շարադրանքով ներկայացուցած է 1918-2009 տարիներու հայ-թրքական յարաբերութիւններու պատմութիւնը, սկսելով Սարդարապատի ճակատամարտէն ու հասնելով մինչեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը։
Գիրքին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութենէն մինչեւ մեր օրերը պատմական կարեւորագոյն դրուագները, որոնք մասնաւորապէս կ՚առնչուին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ: Գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէ 1918-1921 թուականներու հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Երկրորդ մասի եօթը գլուխներուն մէջ ներկայացուած են հայ-ռուսական շեղումներն ու յարաբերութիւնները խորհրդային տարիներուն, իսկ երրորդ մասը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու անդրադարձն է 1988-էն մինչեւ մեր օրերը։
| Weight | 1.67 lbs |
|---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.
