Անտիպ եւ տպագիր աղբիւրներու լայն հիմքի մը վրայ գրուած պատմագիտական այս լուրջ աշխատութեան հեղինակը կը գրէ իր յառաջաբանին մէջ.
«Սոյն գիրքը գրելով մեր նպատակը ոչ դաւաճաններ ոչ ալ հերոսներ փնտռել է, ոչ մէկ կերպով սեւացրէքեան միտում ունի մեր ներկայ իրականութեան մէջ գործող հայ կազմակերպութիւններուն։ Մեր նպատակն է պատերազմի աւարտէն երեք քառորդ դար անցնելէ ետք, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի հայկական առնչութիւնները պատմագրել, վաւերաթուղթերու, փաստերու եւ կարեւոր սկզբնաղբիւրներու վրայ, որպէսզի ազգովին սերտուին անցեալի պատահարները, ապագայի մտահոգութիւններով։ Պէտք է տեղեկանանք անցեալին մասին ինչպէս որ եղած է եւ ոչ թէ ինչպէս որ կը ցանկանայինք որ եղած ըլլար»։