Այս հատորը կ՚ընդգրկէ հայ գրականութեան պատմութիւնը՝ սկիզբէն մինչեւ 19րդ դարը, ու անոր նպատակն է «ցուցադրել հին օրերի գրական արժէքները, դէմքերը, լեզուն՝ որ խօսւում էր, գրական ձեւերը, որով գրողները արտայայտում էին իրենց մտքերը, գաղափարներն ու կարծիքները»։ Ան ուղղուած է հետազօտողին, ուսանողին եւ հետաքրքրուող ընթերցողին հետաքրքրութիւնները բաւարարելու՝ արագ, բայց ոչ մակերեսային մօտեցումով եւ ուրուագիծով։ Հեղինակը կ՚աւելցնէ, թէ «աշխատութեան մէջ ընդգրկուած են գրական այն նուաճումները միայն, որոնք յատուկ նշանակութիւն եւ ազդեցութիւն են ունեցել ողջ հայ գրականութեան համար»։