Հաւատքի Արուեստը, Զարեհ Ծ․ Վրդ․ Սարգիսեան (թղթակազմ)

$25.00

In stock

SKU: SZA2007-001 Category:
Description

Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի «Հաւատքի արուեստը» հատորը։ Գերապատիւ Հայր Սուրբը, որ ներկայիս կը ծառայէ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմին մէջ իբրեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Կլենտէյլ) հոգեւոր տեսուչ, 2014-2018-ին իր համալսարանական ուսման առընթեր նաեւ ծառայած է Արեւելեան Թեմէն ներս իբրեւ այցելու հովիւ։

Սոյն հատորը, որ հիմնուած է ընդարձակ մատենագիտութեան վերլուծման եւ օգտագործման վրայ, կու գայ պատասխանել, հմտալից սակայն մատչելի ոճով, հաւատացեալի բազմաթիւ հարցումներուն, ըլլան անոնք աստուածաշնչական, եկեղեցական, պաշտամունքային-ծիսական թէ ընկերա-բարոյական։ Հեղինակը չէ վարանած ընթերցողին ներկայացնելէ ամենէն դասական հարցերէն («Սուրբ Երրորդութեան մասին») մինչեւ ամենէն արդիական հարցադրումները («Արհեստական բանականութեան մասին») ընդգրկող ծաւալուն թղթածրար մը, անոնցմէ իւրաքանչիւրին անդրադառնալով քննական ոգիով ու յստակ պատասխաններ գտնելու առաջադրանքով։

Additional information
Weight 1.5 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.