Հրդեհը Հինաւուրց Հողի, Արտեմ Յարութիւնեան (թղթակազմ)

$10.00

In stock

SKU: HAA011 Categories: ,
Description

Արտեմ Յարութիւնեան (1945) մաս կը կազմէ 1960ական թուականներու վերջերուն ասպարէզ իջած Հայաստանի «երիտասարդ բանաստեղծներ»ու սերունդին՝ Հենրիկ Էդոյեանի (1940), Սլաւիկ Չիլոյեանի (1940-1975), Արմէն Մարտիրոսեանի (1943-2009), Յովհաննէս Գրիգորեանի (1945-2012) եւ Դաւիթ Յովհաննէսի (1945-2016) հետ։ Այս սերունդը շարունակեց Պարոյր Սեւակով սկսած հայրենի բանաստեղծութեան արդիականացումի ճանապարհը։

Այս հատորի յառաջաբանին մէջ, բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեան կը գրէ.

«Յարութիւնեան գերարթուն ու տեսլահար քերթողն է որ իր հրեղէն բառերու շղթաներով կը յայտնէ իրականութիւններ։ Իրեն համար գրելը բաբախումի նման արարողութիւն մըն է, որ բոլոր լարումները կը պրկէ եւ միայն մաքրաթորելէ ետք՝ զանոնք կ՚ուղղէ իրմէ դուրս։ Հեւհեւկոտ տողերու, ջլապինդ ոճին մէջ յանկարծ յայտնուող փափուկ ամպերով։ Տեսլահար նայուածքի առընթեր ունի վերլուծող միտք՝ առարկան բոլոր կողմերէն դիտելու, դասաւորելու, տարտղնելու։ Բանաստեղծական գաղտնաբոյրով մը կը բացատրէ իր դատումները, եւ կը յաղթէ՛»։

Additional information
Weight 0.8 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.