Ձայն Տառապելոց, Պետրոս Տօնապետեան (լաթակազմ)
$25.00
In stock
1922ին առաջին անգամ լոյս տեսած եւ 2008ին վերատպուած այս հատորը նամակներու եզակի հատոր մըն է, որուն հեղինակը, ինչպէս կազմողը՝ Պետրոս Տօնապետեան, գրած է իր յառաջաբանին մէջ, «մէկ անձ չէ այլ մի քանի հարիւր. բայց նոքա, սակաւ բացառութեամբ, այսօր չկան այլեւս երկրի երեսին»։ Արդարեւ, 1915ի Մեծ Եղեռնէն արաբական անապատներն ու Միջագետք քշուած եւ Կովկաս փախած մնացորդներ էին, որոնք իրենց հարազատներուն գրած են նամակներ։ «Իրենց այդ թշուառ կացութեան մէջ, եթէ երբեք կարելի է ապրիլ անունն տալ նոցա կեանքին, նոքա ապրեցան միշտ իրենց երեւակայութեան հանդէպ պատկերացած ունենալով իշխող թուրքի խելագար անգթութեան զոհ ընկած իրենց ազգակիցների յուսահատական մահուան տեսարանը»։
Պ. Տօնապետեան կ՚աւելցնէ, որ գրեթէ նոյնութեամբ պահած է գրողներուն անունները, սակայն որոշ պատճառներով զանց ըրած է հասցէատէրերու մականունները, «իսկ գրութեան լեզուն եւ բառական ու տառական սխալներն պահած եմ ինչպէս որ կային, ուստի ընթերցողն իւր նշմարելի վրիպակները կարծելու չէ իբր արդիւնք տպագրական անփութութեան»։
Weight | 1.8 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.