Յունուար-Յուլիս 1914ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է գրական հանդէս մը՝ «Մեհեան», որ հակառակ իր կարճ տեւողութեան, նշանակալից հետք ձգած է մեր գրականութեան պատմութեան մէջ։ Հանդէսին հինգ հիմնադիր գրագէտներն էին Կոստան Զարեան (խմբագրապետ), Գեղամ Բարսեղեան, Յակոբ Քիւֆէճեան (ապագայ Յակոբ Օշականը (խմբագիրներ), Դանիէլ Վարուժան եւ Ահարոն (խմբագրութեան անդամներ)։ Հանդէսէն հազուագիւտ օրինակներ մնացած են։ Պօղոս Սնապեան նախաձեռնած է հանդէսի լուսանկարչական վերատպումին, որուն կցուած է կարճ յառաջաբան մը։
«Մեհեան»ի մասին, Յակոբ Օշական վկայած է.
«Երբ կը հիմնէինք այս հանդէսը, մեր գրականութիւնը՝ չեմ ըսեր սպառման, այլ ինքնակրկնումի նշաններ կը յայտնէր։ Վեց տարուան մամուլի ազատութիւն մը աճեցուցած էր մեր բառական զգայարանքները եւ գրողները, շատոնց պարպուած իրենց երիտասարդի, ստեղծողի աւիշէն, տարուան՝ բառերէն եւ քաղաքականութենէն, ատենը չունէին ինքզինքնին նորոգելու։ Ատկէ՝ անծածկելի ձանձրոյթ մը, ամենէն առաջ գրողները իրենց դէմ եւ ընթերցողը՝ ամէնուն դէմ։ «Մեհեան»ը այդ ձանձրոյթը փարատելու, քիչ մը նոր հոսանք, քիչ մը գաղափար, «պուտ մը խենթութիւն» ու շատ մը Արեւմուտք առաջադրած էր փոխադրել մեր գրականութեան մէջ»։
Weight | 0.63 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.