Այս գործը կը բովանդակէ Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին կազմաւորուած կրթա-մշակութային կեանքին մասին նիւթեր, որոնք հիմնուած են օրուան մամուլին եւ պետական արխիւներու վրայ։ Մենագրութիւնը ընթերցողին առջեւ կը բանայ կրթական ու մշակութային պետական քաղաքականութիւնը հանրապետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ։
Հատորը բաղկացած է երկու հիմնական գլուխներէ՝ կրթական համակարգ եւ մշակութային կեանք։ Առաջին գլուխին տակ կը գտնենք դպրոցական համակարգի կազմակերպման մասին նիւթեր՝ հանրակրթական դպրոցի վերակառուցում, մանկավարժական անձնակազմ, բարձրագոյն եւ միջնակարգ մասնագիտական կրթութեան կազմակերպում, Երեւանի Պետական համալսարանի հիմնադրութիւն եւ միջնակարգ մասնագիտական կրթութիւն։ Իսկ երկրորդ գլուխը կը խօսի մշակութային կեանքին մասին՝ գրադարանային գործը, պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանումը, պարբերական մամուլը, գրականութիւնն ու արուեստը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած այս հատորը մաս կը կազմէ «Խաչիկ Պապիկեան» մատենաշարին։