Մտերմութիւն Նարեկի – Հոգեւոր Հովիւի տեսանկիւնէն դիտուած, Տ․ Ներսէս Ա․ Քհն․ Մանուկեան (թղթակազմ)

$20.00

In stock

SKU: MNA2007-010 Categories: ,
Description

Այս հատորին մէջ, Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան Նարեկի աշխարհաբար բնագիրը (Թորգոմ Եպս. Գուշակեանի վերածումով) ընթերցողին ներկայացուցած է քանի մը բաժիններով։

Առաջին գլուխին մէջ, կը գրէ կազմողը, «զուտ աղօթքներու ծաղկեփունջ մը կազմեցի եւ իրենց նիւթերով խմբաւորեցի, որպէսզի կարդացողը վայելէ աղօթքները՝ իրենց պարզ ձեւին մէջ, փոխանակ նաւարկելու մակդիրներով եւ պատկերներով լեցուն դժուար նաւարկելի Նարեկեան ալեկոծ ջուրերուն մէջէն»։ Աղօթքները խմբաւորուած են 41 աղօթատեսակներով։

Երկրորդ գլուխին մէջ հաւաքուած են Գրիգոր Նարեկացիի գործածած ստորոգելիներն ու պատկերները ըստ նիւթի, որոնք դաստիարակիչ արժէք մը ունին կարդացողներուն համար։

Երրորդ գլուխին մէջ խմբուած են աղօթքներու կարճ պատառիկներ, մէկ կամ աւելի նախադասութիւններով՝ ընկերային ցանցերուն մէջ տպելու համար։

«Իսկ չորրորդ գլուխը», կ՚աւելցնէ Տ. Ներսէս, «զոր պիտի կոչեմ “Նարեկի վկայութիւնը Նարեկի մասին”, պիտի ըլլայ ներկայացումը հեղինակին՝ իր եւ իր գրքին մասին բերած վկայութիւններուն»։  

Additional information
Weight 1.15 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.