Ատանայի 1909-ի ջարդերուն նուիրուած այս եռահատոր շարքի վերջին հատորը կ՚ընդգրկէ համեմատաբար նուազ ծանօթ դէմքի մը՝ Վեր. Համբարձում Յ. Աշճեանի վկայութիւնը։ «Ատանայի Եղեռնը եւ Գոնիայէն յուշեր» հատորի յառաջաբանին մէջ, Բ. Ս. Լեւոնեան գրած է.
«Վեր. Աշճեան այս գիրքին մէջ պարզօրէն կը ներկայացնէ իր տեսութիւնները եւ փաստերը, եւ իր յայտնութիւնները որոշ արժէք կը ներկայացնեն։ Իր պատմութիւնը, որ գրուած է պարզ եւ գեղեցիկ ոճով, հարազատ պատկերացումն է այդ շրջանի դէպքերուն, եւ ճշգրիտ նկարագրութիւնը այդ ժամանակի եղերական արարուածին։ Իր գրիչէն ելած այս հրատարակութիւնը կարեւոր լոյս կը սփռէ Ատանայի դէպքին պատճառներուն եւ արդիւնքներուն վրայ, եւ արժէքաւոր արտադրութիւն մը եւս կ՚աւելցնէ մեր պատմական տեղեկագրութեանց աղբիւրներուն վրայ։ Այս տեսակէտէն այս հրատարակութիւնը գնահատելի է»։