Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է հեղինակին զաւակը՝ Նորայր Պահլաւունի։ Եղիշէ Պահլաւունի՝ 20-րդ դարու սկիզբի յայտնի ազգային-կուսակցական ու հանրային գործիչ, Անդրանիկի եւ Իշխան Արղութեանի կամաւորական գունդերու մարտիկ եղած է 1915-ին, իսկ աւելի ուշ՝ 1918-ի ամրան ու աշնան Գանձակի ու Բաքուի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն մէկը եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կայացման իր նպաստը բերած գործիչը։ Վտարանդի դառնալով, իր հանրային գործունէութիւնը շարունակած է իրանահայ համայնքին մէջ։
Գիրքը կը պարունակէ յուշագրութիւններ Բաքուի հերոսամարտի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ խորհրդայնացման շրջանի, ինչպէս եւ Իգդիրի ու Սուրմալուի շրջանի մասին։ Կը կարդացուի յատուկ հետաքրքրութեամբ, յատկապէս իր հազուագիւտ տեղեկութիւններուն շնորհիւ։
| Weight | 1.44 lbs |
|---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.
