Ուրբաթագիրք, Գրաբար/Աշխարհաբար, Յակոբ Մեղապարտ (լաթակազմ)

$35.00

In stock

SKU: MHA2007-010 Category:
Description

Բնօրինակ եւ Թարգմանութիւն

«ՈՒՐԲԱԹԱԳԻՐՔ»
(Գրաբար եւ աշխարհաբար հրատարակութիւն)

Միջնադարեան ձեռագրի մը վրայ հիմնուած առաջին հայերէն տպուած գիրքը՝ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ հրատարակուած «Ուրբաթագիրք»ը (1512), մինչեւ հիմա գոյութիւն ունէր իր գրաբար (մասամբ՝ շրջանի ժողովրդական-խօսակցական լեզուով) բնագրով։ Հայկական տպագրութեան 400ամեակին առիթով, հայրենի բանասէր Լուսինէ Աւետիսեան իրագործած է «Ուրբաթագիրք»ի այս գողտրիկ հրատարակութիւնը՝ դէմ առ դէմ դնելով բնագիրը եւ աշխարհաբարի (արեւելահայերէն՝ դասական ուղղագրութեամբ) վերածումը։ Աշխատասիրողը այս հրատարակութեան աւելցուցած է ընդարձակ յառաջաբան մը,  ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկ, եւ հատորը աւելի գրաւիչ կը դառնայ Ուրբաթագիրքի առաջին հրատարակութեան պատճէնով եւ 16 հայկական մանրանկարներու լուսանկարներով։

Additional information
Weight 0.74 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.