Այս հատորը կը համախմբէ ֆրանսահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր Նիկողոս Սարաֆեանի (1902-1972)՝ ողջութեան լոյս տեսած բանաստեղծական հինգ հատորներուն ամբողջութիւնը, ինչպէս եւ մամուլի մէջ ցրուած կարգ մը գործեր, անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններով եւ հատորի խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեանի վերլուծական յետգրութեամբ։ «Կէս դարու գրական վաստակ մը փաստօրէն չէ յաջողած Սարաֆեան դուրս բերել անծանօթութեան ստուերէն», գրուած է հատորի մուտքի խօսքին մէջ։ «Սարաֆեանի բանաստեղծական գործը կը բերէ ամենէն ուշագրաւ մէկ ծաղկումը յետ-եղեռնեան քերթողական արեւմտահայերէնին – լեզուն ըլլալով ոչ այլ ինչ քան մարմինը, իրականութի՛ւնը բանաստեղծութեան. ապա՝ այդ վաստակը կը բնորոշուի շեշտակի հարցադրումներով եւ սեփական, խորապէս ինքնուրոյն ուղիի մը որոնումով՝ սփիւռքեան մասնայատուկ կացութեան մէջ»։
Weight | 2.35 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.