Վերստին Խմբագրեց՝ Գէորգ Բամպուքճեան
Կիւլպէնկեան նշանաւոր ընտանիքը ծագում առած է Վանայ լճի ափերուն եւ Ռշտունեաց տոհմի շառաւիղներէն է, որ 17րդ դարու թուրք-պարսկական պատերազմներու հետեւանքով տեղափոխուած է Կեսարիոյ Թալաս գիւղը։ Այս նկարազարդ հատորը, բազմատեսակ աղբիւրներու եւ ընտանեկան աւանդութիւններու հիմամբ, կը ներկայացնէ Կիւլպէնկեաններու պատմականը մինչեւ 1930ական թուականները։