«Մերը համեստ փորձ մըն է միայն, գրեթէ ուրուանկար մը։ Սպասելով որ Պոլսոյ հայ գաղութին մենագրութիւնը գրուի օր մը՝ սոյն տողերը գրողը հոս պիտի փորձէ գիծերը տալ դէպքերով ու դէմքերով այնքան հարուստ հայ գաղութի մը, որ աւելի քան հինգ դար տրոփեց, ու դեռ կը փորձէ շնչել, դիմանալ, եւ կ՚ուզէ ինքն ալ տօնել իր հինգ դարերը։
(…) Առանձին փաստերէն լոյս կորզելու ճիգ մըն է միայն մերը, ու այդ լոյսը մարդ միշտ կրնայ կորզել, եթէ դէպքերը յաջողի դատել պաղարիւն, ու չվախնայ նախապաշարումներէն որոնք միշտ ալ կը կաշկանդեն մեզ ամէն անգամ, որ փորձենք ետեւ նայիլ։ Այս ճիգը վաղուան սերունդին ձգելու համար է քանի մը տող մեր տպաւորութիւններէն երէկուան մարդոց մասին, ու մեր իսկ ապրածներէն» (Յ. Ճ. Սիրունի)։