Ֆրանսահայ նշանաւոր գրագէտ Վազգէն Շուշանեանի (1903-1941) այս գործը լոյս տեսած է յետմահու՝ 2000 թուականներուն, եւ մաս կը կազմէ եռագրութեան մը, ինչպէս ան յայտնած է 1935-ին գրուած յառաջաբանին մէջ.
«Սոյն գիրքը կերպով մը շարունակութիւնը կը կազմէ «Ներքին դաշտանկար» խորագիրը կրող հատորին, որ բնականօրէն կը հետեւէր «Խառնիխուռն»ին։ Ընթերցողը հոս պիտի գտնէ խաղաղ կամ ալեկոծ ընթացքը կեանքի մը, որ երբեք չնմանեցաւ պայմանադրական գետին։ Ամէ՛ն գետ իր անկողինը, իր աշխարհագրական ճամբան։ Մինչդեռ ցայժմ դժուար է նախատեսել, թէ ո՛ր դաշտերէն դէպի ո՛ր ծովը պիտի իջնէ այս կեանքը։ Վասնզի հակառակ երգին, որ կ՚ըսէ, թէ մահը մէկ է ամէնուրեք, մենք տարբեր տեսանք զայն»։