Ներկայ հատորը կը պարունակէ Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածպաշտական արարողութիւններուն ու տօներուն մասին լայն ծանօթութիւններ։ Բնագիրը լոյս տեսած է 1872ին, Վաղարշապատի մէջ, եւ ժամանակի արեւելահայերէնէն վերածուած է ժամանակակից արեւմտահայերէնի։
Հեղինակին վկայութեամբ, նիւթերը հաւաքուած են հին ու նոր մատենագիրներէն, որոնց վրայ յաւելումներ կատարած է, նկատի ունենալով իր ժամանակ կիրարկուող աւանդութիւններով ու սովորութիւնները։
Եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ծիսական կարգ մը սովորութիւններուն մասին յստակ բացատրութիւններ կը տրուին այս հատորին մէջ, որոնք կը լուսաբանեն երբեմն մեքենաբար կատարուող արարքները մեր եկեղեցական կեանքէն ներս։ Կատարուած են կարգ մը լրացումներ, ներկայիս սովորութիւն դարձած կարգ մը աւանդութիւններու լոյսին տակ։
«Հայ հոգեւորականութեան, Դպրեվանքներու ուսանողներուն, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, դպրապետներուն, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն թէ ուսանողութեան, եւ առհասարակ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններով եւ ծէսերով հետաքրքրուած անձերուն համար գանձարան մըն է այս գիրքը», կ՚եզրափակէ իր յառաջաբանը Գրիգոր Ծ. Վրդ. (այժմ՝ Արքեպիսկոպոս) Չիֆթճեան։