Գիրքը կը բովանդակէ մարդկային կեանքի վերաբերեալ խորհրդածութիւններ։ Իր յառաջաբանին մէջ, հեղինակը կը գրէ.
«Այս գիրքը, սակայն, յաւակնութիւնը չունի կեանքի իմաստին սահմանումը ընծայելու, կամ անոր նպատակին սահմանագծումը կատարելու եւ առաջադրելու։
Ո՛չ ալ մեկնաբանումի կամ պարզաբանումի փորձն է անոր իմաստին, այլ, քիչ թէ շատ գիտակից վարքով ապրողի կեանքի ընթացքի՝ անձնական թէ այլոց փորձառութեամբ հասունցած ու դրսեւորուած, «ինչու»ներուն պատասխան որոնելու ճի՛գ, անոր իմաստին փութացող տեսլահարի ուխտագնացութի՛ւն, երբեմն՝ մութին կամ անծանօթին մէջ քալող հոգիի ինքնախրախուսանքի բարձրաձայն մենախօսութի՛ւն ու ճի՛չ տագնապի, բայց, հաստատապէս՝ կեանքի ծովէն Լոյսի Ափին առաջնորդող հաւատքի եւ յոյսի հաստատուն լա՛ստ»։
|