Այս գիրքը Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած սեբաստացիի յուշագրութիւնն է, գրի առնուած բանիմաց ուսումնասիրողի եւ քաջատեղեակ ականատեսի կողմէ։ Իրական դէպքերու վրայ հիմնուած այս աշխատանքը կրնայ ընկալուիլ թէ՛ իբրեւ վկայութիւն եւ թէ՛ իբրեւ հետազօտութիւն։
Կարապետ Գաբիկեան կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Փոքր Հայքի եւ Սեբաստիոյ 350.000 հայութեան տեղահանման պատմութիւնը։ Ան ստոյգ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ Սեբաստիոյ մօտակայ հայկական գիւղերու մասին, որոնք նոյնպէս քանդուեցան եւ հողին հաւասարուեցան։
Հանգամանալից կերպով