Եղիշէ Չարենցի մահուան 100-ամեակի առիթով Անթիլիաս լոյս տեսած այս հատընտիրը՝ Պօղոս Սնապեանի, Արամ Սեփեթճեանի եւ Պէպօ Սիմոնեանի խմբագրութեամբ, խորհրդանշական թիւով 100 բանաստեղծութիւն կը համախմբէ։ Ընտրուած 100 բանաստեղծութիւնները դասաւորուած են հատորային իրենց հրատարակութեան կարգով։ Հատորին կցուած բացատրագիրը կը մատնանշէ.
«Ընթերցողը պիտի նկատէ իսկոյն, որ 100 բանաստեղծութիւն ընտրելու համար խմբագրական կազմս առաջնորդուած է անխառն ստեղծումները մէկտեղելու սկզբունքով մը։
Մեր խոր համոզումով՝ յաւիտենական Չարենցի դիմագիծն ու արժէքը առաւելագոյն չափով կ՚երեւին քով քովի բերուած սոյն ստեղծումներուն մէջ։
Այս հաստատումէն ետք, կրկնութեան գնով ընդգծենք, որ հայրենասիրական, պատմական, յեղափոխական, գաղափարական, բնութենական թէ կեանքի ու մահուան թեմաները առանձին նշանակութիւն չեն ունեցած հոս, անջատուածներուն մէջ էականը համարուած ըլլալով անոնց հաղորդուած շնչառութիւնը, բանաստեղծականութիւնը, ոգին»։