20րդ դարու երկրորդ կէսի հայ գրականութեան ամենէն ինքնատիպ դէմքերէն մէկը՝ Յակոբ Կարապենց (1925-1994), գրական ու լրագրական աւելի քան քառասնամեայ վաստակ մը կուտակած է։ Այս հատորը կը համախմբէ փորձագրութիւններ, գրադատակականներ եւ դիմաքանդակներ։ Այս մասին, հանրածանօթ գրականագէտ Խաչիկ Թէօլէօլեան վկայած է.
«Իր փորձագրութիւնները կը ծառայեն իբր շաղկապ, հայ ընթերցողի եւ վերջին երկու տասնամեակներու հայ կեանքին ու մանաւանդ մշակոյթին միջեւ, Պարոյր Սեւակէն եւ Հրանտ Մաթեւոսեանէն մինչեւ Վահէ Օշական եւ Վեհանոյշ Թեքեան։ Կը ներկայացնէ, կը վերլուծէ, կը գովէ, կը քննադատէ, կը տխրի եւ կը հրճուի մեր արդի գրականութեամբ եւ քննադատութեամբ, ոչ իբրեւ կոյր բանապաշտ այլ իբրեւ որոնողը մեր ազգային ներկայի խորագոյն իմաստներուն։ Այս հատորի ընթերցումը իմացական հաճոյք մը եղաւ ինծի համար»։