Զոհ Քերթողական, Ահարոն Տատուրեան, հատընտիր (թղթակազմ)

$7.00

In stock

SKU: daa024 Categories: ,
Description

Ահարոն Տատուրեան (1886-1965), գրական անունով՝ Ահարոն, մաս կազմած է Պոլսոյ այն շարժումին, որ արեւմտահայ գրականութեան վերջին ցոլքը հանդիսացած է Մեծ Եղեռնէն առաջ։ Ան հանդիսացած է «Մեհեան» հանդէսի շուրջ բոլորուած երիտասարդ գրագէտներէն մէկը՝ Կոստան Զարեանի, Յակոբ Օշականի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի։ Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն եղած է, ու 1920ական թուականներուն հաստատուած է Փարիզ, ուր անցուցած իր կեանքը։ Ահարոնի բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են քանի մը հատորներու մէջ, լոյս տեսած՝ կեանքի վերջին տասնամեակներուն ու յետմահու։ Այս հատորը կը ներկայացնէ հատընտիր մը այդ վաստակէն։

Additional information
Shipping & Delivery