Մեծածաւալ ու գեղատիպ լուսանկարներու այս ալպոմը, որ ունի աւելի քան 500 էջ, թերեւս ամենէն տպաւորիչ հաւաքածոն է ամէն տեսակի ու ձեւի խաչքարերու։ Իր յառաջաբանին մէջ, վաստակաւոր լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան կը գրէ.
«Արցախի, Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Պարսկաստանի, Վրաստանի, Երուսաղէմի, Լիբանանի, Ղրիմի եւ այլ տարածքներու խաչքարերէն կը գտնուին աշխարհի շարք մը թանգարաններու մէջ, սկսեալ հայաշունչ Վենետիկէն։ Այստեղ տպուած են իմ լուսանկարներու հաւաքածոյիս մէջ գտնուած հազարաւոր նմոյշներէն միայն որոշ օրինակներ, որոնց միջոցաւ կը ճամբորդենք ժամանակի եւ պատմութեան արահետներով, յայտնաբերելով բնութեան անակնկալները ամէնուրեք։
Ահաւասիկ գիրք մը, որ երբեք չի կրնար ըլլալ ամբողջական»։
This album of wonderful pictures of khachkars (cross-stones), one of the most typical and symbolic manifestations of Armenian art, is perhaps the most impressive collection published to this day. In his foreword, photographer Hrair Hawk Khatcherian writes:
“Master carvers who dedicate their art and creativity for events, or to important victories, or even an ordinary birth, in Artsakh, in Armenia, in Western Armenia and Cilicia, in Iran, in Georgia, in Bethlehem and Jerusalem, in Lebanon and in Crimea, in Venice, as well as in museums worldwide. In this book you will find some samples from my photography archives which contain thousands of khatchkars, you will travel through time, space and history. Here is a book that will never be completed.”