Վարդան Վարդապետ Այգեկցի (13րդ դար) իր ժամանակաշրջանին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ իբրեւ մատենագիր եւ քարոզիչ։ Անոր անունին հետ կը կապուին «Վարդանեան» կոչուող առակներու միջնադարեան հաւաքածոները։
Այգեկցիի խրատները, որոնք աշխարհաբարով կը ներկայացուին այս հրատարակութեան մէջ, ցոյց կու տան, որ ան սրբակեաց վարդապետ եղած է, մտահոգուելով իր ժողովուրդի եւ հոգեւորականներու ուղիղ եւ մաքուր վարքով։ Առաքելական եռանդը մղած է քարոզելու եւ քարոզները գրի առնելու, որպէսզի կարողանայ օգտակար ըլլալ ապագայ սերունդներուն։