Բիւզանդ Եղիայեանի յետմահու հրատարակուած այս դասագիրքը երկար տարիներ գործածուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» Դպրեվանքին մէջ։ Ան կը պարունակէ հին աշխարհի՝ նախաքրիստոնէական դարերու կրօնքներու մասին մանրամասն ծանօթութիւններ, ինչպէս եւ հայոց հեթանոսական կրօնքի համապարփակ ներկայացում մը։