1915ին Սոֆիա (Պուլկարիա) լոյս տեսած «Հայաստան» թերթը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններու եզակի շտեմարան մըն է։ Ան օրը օրին հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդած է՝ իրադարձութիւնները Թուրքիայէն դուրս գտնուող մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելով։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., որ նախաձեռնած է թերթի լուսանկարչական այս հրատարակութեան, իր յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Թերթին մէջ երբեմն ընթերցողը կը հանդիպի այնպիսի դիպուկ երեւոյթներու, յուզիչ դէպքերու, պատմական նշանակութիւն ունեցող եղելութիւններու, որոնք նոր տարածքներ կը բանան մեր առջեւ մեծապէս նպաստելով Հայկական Ցեղասպանութեան ամբողջական վերլուծման ու արժեւորման։ Անհրաժեշտ է որ Հայկական Ցեղասպանութեամբ զբաղող բանասէրներն ու պատմագէտները մօտէն ուսումնասիրեն այս թերթը»։
Description
Additional information
Weight | 4.88 lbs |
---|
Shipping & Delivery
Shipping and handling will be added when the order is placed.