Սոյն հատորի յառաջաբանին մէջ, հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեան գրած է.
«Այս գիրքը ներկայացման պէտք չունի։ Բովանդակութեան վրայ նետուած ակնարկ մը արդէն բաւարար է խորազգալու՝ գիրքին ներկայացուցած այժմէականութեան թրթիռը։ Զայն կարելի է խտացնել, ըսելով.- այսօրուան ընկերութեան հիմնական հարցերը, կամ՝ այսօրուան մարդուն եւ Հայուն դիմագրաւած հարցերը եւ լուծումներ։ Իսկ այդ բովանդակութեան հետ հաղորդութիւնը նաեւ կը յայտնաբերէ հեղինակին կողմէ նիւթերուն մօտեցման նոր եւ առողջ ուղղութիւնը եւ ընդհանուր թարմութիւն մը, որ հաճելի է ու գրաւիչ։
… Այս հատորին մէջ ամփոփուած խորհրդածութիւններով հեղինակը այդպիսի հաւասարակշռուած հակազդեցութիւն մը եւ արդիականացում մըն է որ կ՚առաջադրէ, իր ուշադրութեան առարկան դարձնելով առհասարակ մարդկային եւ յատկապէս ազգային ոեւէ կառոյցի հիմնախարիսխը՝ ընտանիքը, եւ զայն կազմելու եւ պահպանելու կոչուած երիտասարդին ու երիտասարդուհիին ֆիզիքական, հոգեկան, մտաւոր ու բարոյական առողջ կացմաւորման հարցերը»