Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն ջարդ ու տեղահանութիւն չէ եղած, այլ անոր ընթացքին արձանագրուած են ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան դէպքեր, որոնք երբեմն աւարտած են ժողովուրդի փրկութեամբ (Վան, Մուսա Տաղ) եւ երբեմն՝ հերոսական մահով (Ուրֆա, Շապին Գարահիսար, Տարօն)։
Գիրքին երկրորդ մասը ներկայացուցած է ցեղասպանութեան յաջորդած՝ թուրք դահիճները պատժելու կոչուած «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որուն գերագոյն պահը եղած է Թալէաթ փաշայի սպանութիւնը Մարտ 1921ին եւ անոր յաջորդած՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը։