Մատենագիրք Հայոց, Ա․ Հատոր, Ե․ Դար (լաթակազմ)

$75.00

In stock

SKU: YZA2007-01 Categories: ,
Description

Մեր գիրերու գիւտի 1600ամեակին առիթով սկսուած հրատարակութիւններու այս մեծարժէք շարքին առաջին հատորը կ՚ընդգրկէ 5րդ դարու տասը հեղինակներու գործերը, սկսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վերագրուած «Յաճախապատում»էն ու կանոններէն։ Հոս ներկայացուած են նաեւ Ս. Սահակ Պարթեւի կանոնն ու նամակները, Կորիւնի Մեսրոպ Մաշտոցի վարքը, «Բուզանդարան պատմութիւնք»ը (աւանդաբար վերագրուած Փաւստոս Բուզանդին), Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց»ը եւ նամակ մը Մեսրոպ Մաշտոցին, Եղիշէ պատմիչի «Վասն Վարդանայ հայոց պատերազմին», «Արարածոց մեկնութիւն» եւ այլ գործեր, ինչպէս եւ Գիւտ Արահեզացիի, Մամբրէ Վերծանողի, Անանիա Թարգմանիչի եւ Յովհան Մանդակունի Կաթողիկոսի ճառերը, նամակները ու այլ գրութիւններ։ Հատորին մէջ զետեղուած են մինչեւ այսօր եղած լաւագոյն գիտա-համեմատական կամ քննական հրատարակութիւնները, իսկ եթէ վերջինները բացակայ են՝ լաւագոյն համարուող հրատարակութիւնը։ Կազմուած են նաեւ նոր գիտական բնագրեր (օրինակ՝ Գիւտ Արահեզացիի «Թուղթ») եւ հրատարակուած են անտիպ մնացած գիտական բնագրեր (օրինակ՝ Եղիշէի «Արարածոց Մեկնութիւն»)։

Additional information
Weight 6.02 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.