Յակոբ Պարոնեան Վերադարձաւ, Ռ․ Հատտէճեան (թղթակազմ)
$10.00
In stock
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր ու գրագէտ Ռոպէր Հատտէճեանի այս ուշագրաւ գիրքի յառաջաբանին մէջ, Լեւոն Շառոյեան կը գրէ.
«Ընթերցողը պիտի նկատէ, թէ Պոլսոյ եւրոպական ափին գտնուող Օրթագիւղ թաղամասի հայոց եկեղեցիի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Յ. Պարոնեանի նորաքանդակ կիսանդրին՝ ինչպիսի՛ ներշնչումի աղբիւր մը դարձեր է հեղինակին համար։
Հեղինակը, ի՛նք եւս քաջ գիտակ Պոլսոյ հայախիտ թաղամասերու ներքին կարգուսարքին ու մերօրեայ կենցաղին, հրաշքով կը վերակենդանացնէ Յ. Պարոնեանը ու զայն պտոյտի կը հանէ դէպի այն բոլոր վայրերը, ուր կը խայտայ հայութեան համայնքային կեանքը։ Վարժարան, եկեղեցի, մատաղօրհնութիւն, Սիրոյ Սեղան, ճաշապար, գեղարուեստական ձեռնարկներ՝ թիրախ կը դառնան Ադրիանուպոլսեցի երգիծաբանին այցելութիւններուն։
(…) Յայտնի է, որ Ռ. Հատտէճեան անսահման սէր մը ունի Պարոնեանի նկատմամբ։ Հիացում ունի անոր սրամտութիւններուն, մեր ազգային իրականութեան նկատմամբ անոր դիրքորոշումներուն, անոր ցուցաբերած խիզախութեան, քաջութեան եւ ճշմարտախօսութեան հանդէպ։ Ան խորապէս կը ճանչնայ Պարոնեանը ու շատ դիւրութեամբ կը յաջողի պահուըտիլ անոր շուքին տակ՝ առաջնորդելու համար զայն դէպի մեր օրերը»։
Weight | 0.40 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.