Յովհան Ոսկեբերան եւ Իր «Մատթէի Մեկնութիւն»ը, Զարեհ Աբղ․ Փայասլեան (թղթակազմ)
$15.00
In stock
Եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Յովհան Ոսկեբերանի Մատթէոսի Աւետարանի մեկնութեան նուիրուած այս հատորը կը ներկայացնէ Անթիլիասի դպրեվանքի առաջին շրջանաւարտներէն՝ Զարեհ Աբղ. [Կաթողիկոս] Փայասլեանի (1915-1963), հետագային՝ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1956-1963) վարդապետական աւարտաճառը, զոր ան պատրաստած է 1935-1936ին Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի թելադրութեամբ։
Ուսումնասիրութիւնը հայրաբանական եւ մեկնողական գրականութեան ծաւալուն գործի մը մեկնութիւնն է։ Ինչպէս կը գրէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իր յառաջաբանին մէջ, «Ոսկեբերան Հայրապետը քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծ դէմքերէն է, եւ իր աստուածաբանական ու մեկնողական գործերով կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ հայրաբանական գրականութեան մէջ։ Օտար լեզուներով բազմաթիւ գործեր կան Ոսկեբերանի մասին, սակայն մեր հոգեւոր գրականութեան մէջ քիչ տեղ տրուած է անոր»։
Ձեռագիր 372 էջերը բաղկացած աւարտաճառը, որ անտիպ մնացած էր մինչեւ 2003, հրատարակութեան պատրաստած է Շահան Ծ. Վրդ. (այժմ՝ Արքեպիսկոպոս) Սարգիսեան, որ իր «Երկու խօսք»ին մէջ կը նշէ, թէ հրատարակութիւնը «պատմական, զգացական ու յիշատակի արժէքներ ներկայացնող երեւոյթ է»։ Ան կ՚աւելցնէ, թէ «այս հրատարակութիւնը մեզի կը բերէ Յովհան Ոսկեբերանը հայկական շրջագիծէն ներս, ընթերցողներուն կու տայ կարելիութիւնը ծանօթանալու մանրամասնութեամբ եկեղեցական մեծ հօր մը, եւ ձեռագիր վիճակի մէջ մնալու դատապարտուած աշխատասիրութեան մը լոյս աշխարհ ընծայուիլը»։
Աշխատութիւնը կը պարունակէ կենսագրական մաս մը, Յովհան Ոսկեբերան մատենագրի զանազան գործերուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ, Ոսկեբերանի գործերուն հայերէն թարգմանութիւններուն, յատկապէս՝ «Մատթէի Մեկնութիւն»ի անդրադարձ մը, այդ թարգմանութիւններուն լեզուի եւ ոճի քննութիւնը, եւ «Մատթէի Մեկնութիւն»էն հատուածներու աշխարհաբարի վերածումը։
Weight | 1.0 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.