Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի «Ունկն դիր, Տէ՜ր» աղօթագիրքը, նաեւ՝ Աւետիս Հաճեանի անգլերէն թարգմանութեամբ։
Գեղատիպ այս հատորը կը պարունակէ 100 աղօթքներ՝ մարդկային վիճակներու եւ զանազան պայմաններու համար գրուած մատչելի ոճով։ Սոյն աղօթագիրքին նպատակն է մխիթարութիւն, ներքին անդորրութիւն եւ զօրութիւն գտնել աղօթքի ճամբով, մարդկային զգացումները, նեղութիւններն ու յաճախակի հարցադրումները հանգիստ ձեւով արտայայտելով Աստուծոյ։