My Memoirs (1914-1921) Gurghen Sarkissian (softcover) Իմ Յուշերը (1914-1921) Գուրգէն Սարգիսեան (թղթակազմ)
$20.00
In stock
Գուրգէն Սարգիսեանի (1898-1972) «Իմ յուշերը (1914-1921)» լոյս տեսած է հայերէն բնագրով եւ անգլերէն թարգմանութեամբ՝ մէկ հատորի մէջ։ Ձեռագիրը հրատարակութեան պատրաստած, ծանօթագրած եւ անգլերէնի թարգմանած է Վարդան Մատթէոսեան, որ նաեւ գրած է ընդարձակ ներածական մը։
Ծնունդով՝ կարսեցի, շրջանաւարտ՝ Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանէն, Գուրգէն Սարգիսեան իր կեանքի վերջալոյսին ձեռնարկած էր գրելու իր պատմութիւնը։ Կազմած էր ամբողջական նախագիծը, բայց միայն յաջողած էր շարադրել մինչեւ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան յաղթանակին հասնող բաժինը։ Հեղինակին վկայութիւնը արժէքաւոր մանրամասնութիւններ կ՚աւելցնէ 1917-1921ի ճակատագրական շրջանի պատմութեան։ Պատկերազարդ յուշերուն կցուած են չգրուած շարունակութեան նախագիծը, ինչպէս եւ փաստաթուղթերու յաւելուած մը, անուանացանկ եւ մատենագիտութիւն։
| Weight | 1.30 lbs |
|---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.
