Եղերաբախտ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի այս հատորը լոյս տեսած է անոր մահէն աւելի քան երեք տասնամեակ ետք, թեմիս նախկին առաջնորդ՝ հոգելոյս Մեսրոպ Արք. Աշճեանի ջանքերով։ Ան հատընտիր մըն է իր 1940-1950ական թուականներու բանաստեղծութիւններէն, մասամբ՝ տպագիր, մասամբ՝ անտիպ։ Անոր յայտնաբերման պարագաներուն մասին, Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս գրած է.
«Այս ծրարը նկուղ նետուած էր Երեւանի մէջ, յամի Տեառն 1993 թ., ժամանակի գլավլիտի աշխատող մէկի տանը։ Պատահական անցորդ մը, 70-ը անց ճարտարապետ մը, պր. Կ. Արզրումցեան, կը նշմարէ այդ, կը վերցնէ, կ՚իմանայ գրին արժէքը, եւ խնամքով իր մօտ կը պահէ ծրարը։
Օր մըն ալ ինծի ներկայացաւ եւ յաջողեցայ իր ձեռքէն վերցնել ծրարը, եւ ապա նուիրել Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին։
(…) Ահա հրատարակութեան կու տանք այս հատընտիրը, որու գլխաւոր արժանիքն է այն, որ տարաբաղդ բանաստեղծը ինքն իսկ պատրաստեր էր, համադրեր, յուսալով, որ թոյլտուութիւն կը ստանայ եւ իր հատընտիրով անգամ մը եւս կը խօսի իր ժողովուրդին»։
Weight | 0.35 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.