Description
Այս հատորը կը պարունակէ Լեւոն Շանթի (1869-1951) թատերական ամենէն կարեւոր գործը՝ «Հին աստուածներ» թատերախաղը, եւ վերջին վէպը՝ «Հոգիները ծարաւի» (1945)։ Իր յառաջաբանին մէջ, գրականագէտ Գրիգոր Շահինեան վերջինիս մասին կը գրէ. «Ամբողջ կեանքը խորհրդանշող ամբողջական վէպ է Հոգիները ծարաւի։ Անիկա չի պատմեր միայն Աշոտի եւ Նորայի սիրահարութիւնը եւ բաժանումը, այլ կեդրոնական այդ նիւթին կ՚առնչէ պարագայական կամ ընդհանրական արժէք ունեցող մանրամասնութիւններ, որոնք վէպը կը դարձնեն իւրայատուկ մէկ պատկերացումը կեանքին՝ Շանթեան հայեցակէտէն դիտուած»։
Additional information
Weight | 1.34 lbs |
---|
Shipping & Delivery
Shipping and handling will be added when the order is placed.