Թաւրիզից Ստալինեան Գուլագ․ Ընդհատուած Պատմութիւն, Ռուբինա Փիրումեան Մինասեան եւ Բաղդիկ Մինասեան (լաթակազմ)
$15.00
In stock
3 Յունուար, 1944ին, Իրանի Ատրպատական նահանգի Թաւրիզ քաղաքին մէջ, Բաղդասար (Բաղդիկ) Մինասեան առեւանգուեցաւ երկիր ներխուժած խորհրդային ուժերուն կողմէ։ Գիրքը կը ներկայացնէ անոր ոդիսականը՝ Թաւրիզի Չեկայի նկուղէն մինչեւ Երեւանի մենակեաց բանտախուցը եւ մինչեւ աքսոր դէպի Սիպիր՝ Նորիլսկի տաժանակիր աշխատանքային ճամբար։
Ստալինի մահէն ետք, ընդհանուր ներումի հետեւանքով, «տասը տարի, տասն ամիս եւ տասնեօթ օր խորհրդային բանտերում եւ աշխատանքային ճամբարներում» տառապելէ ետք, Բաղդիկ Մինասեան ազատեցաւ ու տուն վերադարձաւ հիւծուած, առողջութիւնը կորսնցուցած, բայց բարձր հոգեկանով ու անկոտրում կամքով՝ վերսկսելու նոր կեանք ու նոր պայքար՝ ի խնդիր իր դաւանած ազգային գաղափարի ու սկզբունքներու։ Այնուամենայնիւ, անոր կեանքը հեզասահ չընթացաւ ազատութեան մէջ։ Ան դեռ շատ մարտահրաւէրներ պէտք է յաղթահարէր՝ իր տեղը գտնելու համար թէ՛ ընտանիքի եւ թէ՛ ընկերութեան մէջ։
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ անոր յուշերը, որոնք իր կեանքի վերջին տարիներուն սկսաւ գրել, երբ իր մէջ գտաւ ուժ ու հանդարտութիւն՝ վերյիշել կարենալու համար, սարսափելի անցեալը նորէն ապրելու եւ թղթին յանձնելու իր յուշերը, որոնք դժբախտաբար անաւարտ մնացած է։
Weight | 1.2 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.