Հայ Առաքելական Եկեղեցու Բռնադատուած Հոգեւորականները 1930-1938, Արմենակ Մանուկեան (լաթակազմ)
$10.00
In stock
Այս աշխատութիւնը առարկայական կերպով կը պատմէ ոդիսականը 148 հայ հոգեւորականներու, որոնք, Հայաստանի խորհրդային շրջանի առաջին տասնամեակներուն հալածանքի ու անարգանքի ենթարկուեցան եւ յաճախ, կարճատեւ ձեւական դատավարութենէ մը ետք, տխրահռչակ «եռեակ»ի մը կողմէ դատապարտուեցան աքսորի կամ գնդակահարման։
1922 թուականի հրամանագրով մը, Հայաստան ո՛չ միայն պետութենէն անջատ հռչակեց եկեղեցին, այլ եւ փորձեց ջնջել անոր ընդհանրականութիւնը, միասնականութիւնը եւ նոյնիսկ նուիրապետութիւնը։ Խորհրդային իշխանութեան հրամանով հալածանքի ենթարկուեցան հազարաւոր եկեղեցականներ, որոնք ո՛չ միայն զրկուեցան քաղաքացիական, այլ մարդկային տարրական իրաւունքներէ։ Այս ձեւով, կառավարութիւնը կը փորձէր ջնջել Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի միջեւ դարաւոր կապը։
Weight | 0.5 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.
Reviews
There are no reviews yet.